image

Բողոքի ցոյցեր Իրանեան քաղաքներու մէջ. Պատճառը նաւթի գիներու սղաճն է

Բողոքի  ցոյցեր Իրանեան   քաղաքներու մէջ. Պատճառը նաւթի գիներու  սղաճն է

Իրանեան տասնեակ քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան: Այս մասին լուրը  հաղորդեց Iran-International կայքի արաբական  ծառայութիւնը։

Կը նշուի, որ ցոյցերը սկիզբ առած են երէկ եւ Թեհրանէն բացի կը կատարուի  տասնեակ  այլ  քաղաքներու մէջ։

Ցուցարարներու գլխաւոր պահանջն է վերատեսութեան ենթարկել վերջերս  որդեգրուած  եւ նաւթի սակերը թանկացնելու միտող որոշումը։

Իրանեան լրատուական աղբիւրներ նոյնպէս ընդունած են այն փաստը, որ երկրին մէջ  լայնածաւալ ցոյցեր կը կայացուին։