image

Չպէտք է Սուրիոյ մէջ թրքական ապահովական կէտեր հիմնուին. Իրան կ՚ընդդիմանայ Անգարային

Չպէտք է Սուրիոյ մէջ թրքական ապահովական կէտեր հիմնուին. Իրան կ՚ընդդիմանայ Անգարային

Իրանը դէմ է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ կողմէ ռազմակայաններու ստեղծման։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Ապպաս Մուսաուին՝ կը յայտնոէ Press TV-ն։

«Թուրքերը կրնան ռազմակայան ստեղծել սահմանի իրենց կողմը, սակայն սուրիական հողի վրայ զօրակայն ստեղծելը անթոյլատրելի է եւ ՄԱԿ անդամի ինքնիշխանութեան խախտում կը հանդիսանայ»,- յայտարարած է Մուսաուին:

«Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը եւ ամբողջականութիւնը պէտք է յարգուին տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու կողմէ»,- ըսած է ան՝ նշելով, որ արդէն գոյութիւն ունին տարբեր մեխանիզմներ եւ համաձայնութիւններ, որոնք կրնան օգտագործուիլ Թուրքիոյ խնդիրները լուծելու համար:

Մուսաուին նշած է, որ Իրանը պատրաստ է խնդիրներու լուծման համար ներգրաւել սուրիական քիւրտերը, Սուրիոյ կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիան։