image

Հարիրի պիտի խօսի լիբանանցիներուն. Հազարաւոր ցուցարաներ կը հասնին «Ռիատ Ալ Սոլհ»ի հրապարակ

Հարիրի   պիտի խօսի  լիբանանցիներուն. Հազարաւոր  ցուցարաներ կը հասնին   «Ռիատ   Ալ Սոլհ»ի  հրապարակ

Լիբանանի   կարեւորագոյն     ճանապարհներ կը շարունակեն մնալ փակ։ 

Ցուցարարներ կը շարունակեն  փակ    պահել      երկրի    տարբեր   շրջանները իրար  կապող  մայրուղիները։ 

Հազարաւոր  ցուցարաներ  կը շարունակեն հասնիլ Պէյրութի     կեդրոնական  «Ռիատ Ալ Սոլհ»ի հրապարակ։

Կը  նշուի նաեւ, որ       ցուցարարները  կը հետեւին Պաապտայի  նախագահական  պալատին մէջ ընթացող   ժողովին,  սակայն  դժուար թէ   դրական   կերպով արձագանգեն  ժողովէն  բխած    արդիւնքներուն։

Յիշեցնենք,  որ  շատ  հաւանական է, որ Լիբանանի  վարչապետ Սաատ Հարիրին  ժողովի աւարտին հանդէս   գայ    պատկերասփռուած  ելոյթով եւ իր  պատգամը փոխանցէ  լիբանանցիներուն։