image

Իսրայէլին ծառայած Լիբանանցի ՝Ամէր Ֆախուրի կալանքի տակ

Իսրայէլին  ծառայած  Լիբանանցի  ՝Ամէր  Ֆախուրի  կալանքի  տակ

Լիբանանի  հարաւային շրջանին մէջ Իսրայէլի կողմէ հաստատուած «Ալ Խիամ» բանտի պատասխանատուներէն համարուող՝ Ամէր Ֆախուր, որ Միացեալ Նահանգներէն Պէյրութ  կը վերադառնար կալանքի տակ առնուեցաւ։

Այս մասին տեղեկութիւնը  հաղորդեց «Էլ Նաշրա» կայքը նշելով, որ Ֆախուրիի կը գտնուի զինուորական դատական ատեանի բանտախուցին մէջ եւ կ՚ենթարկուի  հարցաքննութեան։

Կը  նշուի նաեւ, որ Իսրայէլի դէմ պայքարելու մեղադրանքով  բանտարկուած տասնեակ լիբանանցիներ տանջած  ու առնուազն երկու  բանտարկեալններու սպանութեան պատճառ դարձած  Ֆախուրի  երկար ժամանակէ ի վեր   կ՚ապրէր Միացեալ Նահանգներու մէջ։  Հակառակ անոր,  որ ան ստացած էր  ամերիկեան քաղաքացիութիւն, Լիբանանեան մարմիններ ձերբակալած էին Ֆախուրին  Պէյրութի օդակայանին մէջ յայտարարելով, որ ցանկացած այլ երկրի քաղաքացի հանդիսացող Լիբանանցին նախ եւ առաջ կ՚ենթարկուի լիբանանեան  օրէնքներուն մանաւանդ, որ Ֆախուրի կը մեղադրուի ազգային դաւաճանութիւն  գործելու ծանր մեղադրանքով։

Նշենք, որ Ֆախուրիի  վերադարձը մեծ աղմուկ հանած էր Լիբանանի յատկապէս այն շրջանակներուն կողմէ, որոնց զաւակները կամ հարազատները սպաննուած էին Իսրայէլի կողմէ  վերահսկուող  «Ալ Խիամ»ի բանտին մէջ։

 Յիշեցնենք, որ «Ալ Խիամ»ի  բանտախուցը  փակուած  ու ապա դիմադրութեան թանգարանի վերածուած էր 2000 թուականին լիբանանեան հարաւային շրջաններու ազատագրումէն ետք։