image
Հրատապ լուրեր:

Իրան կալանք դրած է Իմարաթեան նաւթատարի մը վրայ

Իրան կալանք դրած է Իմարաթեան նաւթատարի մը վրայ

Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատը Պարսից ծոցի մէջ նաւ մը կալանած է՝ 250 հազար լիթր նաւթային վառելիք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ տեղափոխելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ իրանական ISNA  լրատուական գործակալութիւնը։

Ձերբակալուած են նաւի անձնակազմի 11 անդամներ, որոնք կը մեղադրուին վառելիքի մաքսանենգութեան մէջ։

«Նաւը կալանուած է Պարսից ծոցի մէջ գտնուող Մեծ Տոմպ կղզիէն ոչ հեռու․․․․ անձնակազմը յանձնուած է հարաւային Հորմոզկան նահանգի իշխանութիւններուն»,- գրած է ISNA-ն, առանց տեղեկութիւններ հաղորդելու անձնակազմի անդամներու մասին։

Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները սրուած են անցեալ շաբաթ Սէուտական Արաբիոյ նաւթային կառոյցներու վրայ անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով իրականացուած յարձակումէն ետք:

Հրդեհներէն մէկը բռնկած էր երկրի արեւելքը գտնուող Ապկայք քաղաքի նաւթահորի մօտակայքը տեղակայուած նաւթավերամշակման գործարանին մէջ, որ կը համարուի աշխարհի մէջ նաւթավերամշակման ամենախոշոր գործարաններէն մէկը, միւսը` Խուրայսի մէջ, որ կը գտնուի մայրաքաղաք Ռիատի արեւեան հատուածին: