Եւրոպական խորհրդարանը բաց նամակ յղած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանին, որուն մէջ կոչ ըրած է անոր դադրեցնելու հետապնդումը երկրի ընդդիմութեան։
«19 Օգոստոսին իշխանութիւնները պաշտօններէն հեռացուցին Տիարպէքիր (Ատնան Սելճուք Միզրաքլի), Մարտին (Ահմեթ Թիւրք) եւ Վան (Պետիա Օզգեքցէ Էրթան) քաղաքներու քաղաքապետերը եւ անոնց փոխարինեցին կառավարութեան նշանակած նահանգապետերով։ Ընտրուած պաշտօնական անձինք կը մեղադրուին ահաբեկչական քարոզչութիւն տարածելու եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորելու մէջ։ Ասոնք կեղծ մեղադրանքներ են։ Մինչեւ այժմ իշխանութիւնները իրենց յայտարարութիւններուն որեւէ վկայութիւն չեն ներկայացուցած»,- ըսուած է Եւրոխորհրդարանի նամակին մէջ:
Ինչպէս նշուած է նամակին մէջ, կը թուի, թէ թրքական ընդդիմութիւնը ներկայացնող քաղաքապետերու հանդէպ այդ մեղադրանքները առաջադրուած են այն պատճառով, որ թրքական կառավարութիւնը չուզեր ընդունիլ տեղական ընտրութիւններու արդիւնքները, որոնցով վերոնշեալ քաղաքներուն մէջ յաղթած է Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութիւնը։
«Արդէն այդ նահանգներուն մէջ, որոնք հիմնական բնակեցուած են քիւրտերով, ընտրարշաւի ժամանակ կային նշանները այն բանի, որ նախագահ Էրտողանը չընդունի Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան հնարաւոր յաջողութիւնը։ Մենք՝ Եւրախորհրդարանի անդամներս, կը դիմենք Ձեզ, ըսելու, որ չափազանց մտահոգ ենք վերջին իրադարձութիւններու առիթով»-, նշուած է դիմումին մէջ։
«Մենք՝ Եւրոպական խորհրդարանի տարբեր կուսակցութիւններու եւ քաղաքական խումբերու ներկայացուցիչներս, ամուր կանգնած ենք ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան դիրքերու վրայ եւ կը ցանկանք մեր համերաշխութիւնը յայտնել Թուրքիոյ մէջ բռնաճնշումներէն տուժած գործընկերներուն։ Մենք կոչ կ'ընենք Ձեզ, թրքական կառավարութիւն, դադրեցնելու բռնաճնշումները Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներու հանդէպ, ընդունիլ տեղական ընտրութիւններու արդիւնքները եւ ձեռնպահ մնալ հերթական բռնաճնշումներէ Թուրքիոյ ընդդիմութեան հանդէպ»,- ընդգծուած է Եւրախորհրդարանի նամակին մէջ։