image
Հրատապ լուրեր:

Փութին Անգարա պիտի այցելէ. Օրակարգը Սուրիոյ տագնապ է

Փութին  Անգարա պիտի այցելէ. Օրակարգը Սուրիոյ  տագնապ է

Ռուսաստանի  նախագահ Վլատիմիր Փութին սուրիական հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած քննարկումներու շրջածիրէն ներս երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ Հասան Ռոհանի հետ,կը յայտնէ  «Ռիա  նովոսթի»ն,  յղում ընելով  Ռուսաստանի  նախագահի մամլոյ խօսնակ՝   Տիմիթրի Փեսքովին:

«Ինչպէս գիտէք, երկուշաբթի սուրիական հակամարտութեան կարգաւորման հարցով երաշխաւոր երկիրմերու` Ասթանայի  ձեւաչափով եռակողմ հանդիպում նախատեսուած է: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Անգարայի մէջ, եւ նախագահը պիտ մեկնի այնտեղ: Կը Նախատեսուի նաեւ երկկողմ հանդիպումներ թէ´ Ռոհանիի, թէ´ Էրտողանի հետ»,- ըսած է Փեսքովը:

Սուրիական հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած երեք երկիրներու` Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներու գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ 16 սեպտեմբերին, Անգարայի Չանքայայի  պալատէն  ներս: Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Իպրահիմ Քալընի  հաղորդմամբ` գագաթնաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին Սուրիոյ Իտլիպի շրջանին տիրող  ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ սահմանադրական յանձնաժողովի ձեւաւորման հետ կապուած հարցեր։