image

Սէուտական «Արամքո» ընկերութիւնը հարուածի տակ. Ծագած են 2 հրդեհներ

Սէուտական   «Արամքո»   ընկերութիւնը  հարուածի տակ. Ծագած են     2 հրդեհներ

 Այս  առաւօտ  երկու հրդեհներ  ծագած են Սէուտական Արաբիոյ  նաւթարդիւնաբերութեան  գլխաւոր         ընկերութեան ՝ «Արմաքո»ի  երկու կեդրոններէ  ներս։

 Այս  մասին լուրը  հաղորդեց   «Ալ Մայատին»  կայանը  նշելով  նաեւ, որ   Սէուտական Արաբիոյ    ԱԻՆ  մարմիններ          հրդեհներէն  քիչ  անց  յաջողած են   պաշարել եւ  մարդել հրդեհները։

 

 Կը նշուի  նաեւ, որ հրդեհները ծագած են Պաքիք  եւ   Հըճրաթ Հարիտ  նահանգներուն  մէջ։

 Սէուտ-արաբական լրատու  գործակալութիւններ    հաղորդած են, որ հրդհները արդիւնք են անօդաչու   սարքերու  միջոցաւ  կատարուած   գրոհներու։

 

Յիշեցնենք, որ «Արամքո»ն կը համարուի Սէուտ-ամերիկեան  տնտեսական   կարեւորագոյն    նախաձեռնութիւններէն մին։