image

Պոլթընէն ձերբազատուելով Թրամբ լուծեց Իրանի հարցը. Business Insider

Պոլթընէն ձերբազատուելով Թրամբ լուծեց Իրանի հարցը. Business Insider

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի պաշտօնէն հեռացուցած է Ճոն Պոլթընին, որպէսզի իրականացնէ գործարքներու կնքման իր ոչ աւանդական ոճը, որ կրնայ ծայրայեղ հետեւանքներու յանգեցնել, կը գրէ Business Insider-ը:

Հետեւանքներէն մէկը կրնայ ըլլալ Թրամբի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի աննախադէպ հանդիպումը յաջորդ շաբաթ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի շրջածիրէն ներս:

Պոլթընի հեռացումը ակյայտ դարձաւ այն բանէ ետք, երբ ան յայտարարեց, որ ԱՄՆ-ը պէտք է միակողմանի կարգով օգտագործէ իր ռազմական, դիւանագիտական ու տնտեսական ուժը, ինչը խիստ կը տարբերէր գործարքներ կնքելու սիրահար Թրամբի մօտեցումներէն:

Երկու քաղաքական գործիչները բազմիցս տարաձայնութիւններ ունեցած էին, այդ շարքին՝ Վենեզուելայի մէջ, Հիւսիսային Քորէայի, Իրանի հարցերով:

Հաւանաբար, այդ քաղաքական տարաձայնութիւնները յանգեցուցին Թրամբի երրորդ խորհրդականի իրաւասութիւններու դադարեցման:

Տնտեսութեան աճի դանդաղեցման ու քաղաքական շարք մը մեծ յաջողութիւններու պայմաններուն Թրամբը, անկասկած, Իրանի հետ քաղաքական առաջընթացը կրնար օգտագործել 2020 թուականի իր քարոզարշաւի համար:

Սակայն Իրանի նկատմամբ կոշտ քաղաքականութեան աջակիցները կը կազմեն Թրամբի քաղաքական խումբի զգալի հատուածը: Այդ խումբին մէջ են բոլոր անոնք, որոնք Իսրայէլի դաշնակիցներն են: Եւ ցանկացած հանդիպումը կը մտահոգէ Իսրայէլի աջակիցները:

Յաջորդ շաբաթ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն պիտի բախուի իր ասպարէզի ամենավտանգաւոր ընտրութիւններուն հետ: Ան շատոնց ի ցոյց դրած է Թրամբի հետ իր մտերիմ յարաբերութիւնները:

Իրանի հետ ուղիղ բանակցութիւնները ցոյց կու տան Թրամբի այդ առանցքային քաղաքական եւ դիւանագիտական հիմքը:

Սպիտակ տան մէջ, անցեալի նման, կան խորհրդականներ, ինչպէս օրինակ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն, որոնք կողմ են Իրանի նկատմամբ կոշտ մօտեցումներուն: Այդուհանդերձ, Փոմփէօն որոշած է խուսափիլ Թրամբի հետ բախումներէն՝ ի տարբերութիւն նախկին պետականքարտուղար Ռեքս Թիլըրսընի:

Յորդանան գետի հովտի բռնակցման մասին Նաթանիահուի յայտարարութիւնը համընկած է Պոլթընի հեռացման մասին յայտարարութեան:

Այդ քայլը, որ ողջունեցին շարք մը աջակողմ իսրայէլցիներ, հնարաւոր սփոփիչ մրցանակ պիտի դառնայ տատանուող կողմնակիցներու համար, եթէ Թրամբը հրաժարի Իրանի նկատմամբ կոշտ մօտեցումէ:

Դեռ պարզ չէ՝ այդ ամէնը բաւարար կ'ըլլայ արդեօք ԱՄՆ-ի մէջ Իսրայէլի կողմնակիցներու համար, ինչպէս նաեւ պարզ չէ այն, թէ արդեօք բռնակցումը կ'աշխատի:

Պարզ է միայն, որ Թրամբը այժմ գծած է այն ուղին, որով կը փորձէ իր իսկ առաջադրած պայմաններով պայքարիլ Իրանի եւ այլ հակառակորդներու, օրինակ՝ Հիւսիսային Քորէայի դէմ: