image
Հրատապ լուրեր:

Արդեօք Թրամբն ու Ռոհանին պիտի հանդիպի՞ն.Ամերիկեան ԶԼՄ-ներ այդ մասին կը խօսին

Արդեօք Թրամբն ու Ռոհանին պիտի հանդիպի՞ն.Ամերիկեան ԶԼՄ-ներ այդ մասին կը խօսին

Սպիտակ տուը սկսած է նախապատրաստուիլ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի նախագահներ Տանըլտ Թրամբի եւ Հասան Ռոհանիի հնարաւոր բանակցութիւններուն` Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի նստաշրջանի շրջագիծէն ներս:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Ռիա Նովոսթի»ն՝ յղում ընելով ամերիկեան աղբիւրիներուն, Սպիտակ տունը նախապատրաստական աշխատանքներ սկսած է սեպտեմբերի վերջը հաւանական հանդիպման համար: ԱՄՆ պետքարտուղար Մայք Փոմփէօն նախօրէին յայտարարած էր, որ Թրամբ-Ռոհանի հանդիպումը կրնայ կայանալ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի շրջագիծէն ներս:

Աղբիւրի փոխանցմամբ՝ յայտնի չէ, թէ արդեօք Իրանը պիտի համաձայնի հանդիպման, եթէ ԱՄՆ պատժամիջոցները Թեհրանի նկատմամբ չչեղարկուին:

Աղբիւրիներէն մէկուն կարծիքով՝ հնարաւոր տարբերակներէն մէկը այն է, որ Թրամբ պիտի միանայ Ռոհանիի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպման:

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 74-րդ նստաշրջանը տեղի պիտի ունենայ 24-30 սեպտեմբերին: Կ'ակնկալուի, որ աւելի քան 100 նախագահներ եւ 80 վարչապետեր պիտի հաւաքուին Նիւ Եորքի մէջ՝ մասնակցելու քննարկումներուն: