image

Չաւուշօղլուն դարձեալ սլաքներ ուղղեց ԱՄՆ-ին. Պատճառը՝ թուրքիա-Սուրիա սահմանային գօտիի զարգացումներն են

Չաւուշօղլուն դարձեալ սլաքներ ուղղեց ԱՄՆ-ին. Պատճառը՝ թուրքիա-Սուրիա սահմանային գօտիի զարգացումներն են

Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ԱՄՆ-ը մեղադրած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը անվտանգութեան գօտիի ստեղծման վերաբերեալ բանակցութիւնները ձգձգելու մէջ, կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն։

«ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւնները սկսելէ ետք առնուած է առաջին քայլը՝ (անվտանգութեան գօտիի) համակարգիչ կեդրոնի ստեղծումը... Բայց եւ միաժամանակ մենք մեր նախազգուշացումը յայտնած ենք, որ այն չվերածուի երկրորդ Մանպիճի  (ուր ԱՄՆ չէ կատարած Անգարայի առջեւ իր պարտաւորութիւնները քրտական կազմաւարումները դուրս բերելու վերաբերեալ)։ Որովհետեւ ԱՄՆ-ը պայմանաւորուածութիւներու պատճառով, որոնք ունի ահաբեկիչներու հետ, խօսքը չի յարգեր։ Մենք կը տեսնենք, որ այն նորէն սկսեր է ձգձգել գործը»,- ըսած է Չաւուշօղլուն լրագրողներուն:

Անոր խօսքով՝ «ԱՄՆ վարքագիծը չի բաւարարեր Անգարան»։

«Մեր ծրագիրները պատրաստ են։ Եւ եթէ մեր համագործակցութիւնը արդիւնք չտայ, մենք առանձին կը մտնենք այդ գօտի, եւ ինչպէս եղաւ Աֆրինի մէջ, կը մաքրենք այն ու կայունութիւն կ'ապահովենք»,- աւելցուցած է նախարարը։