image

«Մենք դժգոհ էինք իր աշխատանքէն» Թրամբ պաշտօնէն հեռացուց Պոլթընը

«Մենք դժգոհ էինք իր աշխատանքէն» Թրամբ պաշտօնէն  հեռացուց Պոլթընը

 Միացեալ Նահանգներու  նախագահ  Տանըլտ Թրամբ   կարեւոր համարուած  քայլով մը  «Ազգային անվտանգութեան խորհուրդ»ի  պատասխանատու  Ճոն Պոլթընը  հեռացուց  իր աշխատանքէն։

 

 Թրամբ,  որ իր  տուած որոշումին մասին գրառում  մը կատարեց նշեց, որ   իրենք  դժգոհ եղած են Ճոն Պոլթընի  աշխատանքէն, հետեւաբար  «Սպիտակ  տունը յետ այսու կարիք չունի իր ծառայութիւններուն»։

 

Յիշեցնենք, որ    իր   ծայրայեղ  տեսակէտներով  յայտնի  Պոլթըն  կը համարուէր  Ամերիկեան  արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր    պատասխանատուներէն մին եւ անոր կը վերագրուի Իրաքի  դէմ պատերազմ   սկսելու   ծրագրի  առաջ քաշումն ու  ապա  իրականացումը։