image
Հրատապ լուրեր:

Խաշըքճիի սպանութեան գործով կարեւոր նորութիւններ

Խաշըքճիի սպանութեան գործով կարեւոր նորութիւններ

Սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշըքճիին Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութիւն ժամանելէ ետք խոստացած են Ինթըրփոլի հրամանագրով ուղարկել Սէուտական Արաբիա, որմէ ետք անոր խեղդած եւ անդամահատած են, կը գրէ Sabah-ը, որ գտած է լրագրողը սպանողի այն ձայնագրութիւնը, որ տրամադրած են Թուրքիոյ յատուկ ծառայութիւնները:

 «Անցէք, նստէք, մենք պէտք է ձեզ վերադարձնենք Ռիատ, այդպէս է Ինթըրփոլի հրամանը: Ինթըրփոլը խնդրած է Ձեզ ետ ուղարկել: Մենք եկած ենք, որ Ձեզ տանինք»,- ըսուած է ձայնագրութեան մէջ:

Այդ ամէնուն ի պատասխան` Խաշըքճին ըսած է.

«Ինծի հետ կապուած գործեր չկան, հարսնցուս դուրսը զիս կը սպասէ»:

Շփման ընթացքին մարդասպանները հարցուցած են լրագրողին` արդեօ՞ք ան իր մօտ հեռախօսներ ունի, թէ՞ ոչ: Անոնք ստիպած են Խաշըքճիին նամակ գրել իր որդիին, սակայն վերջինս հրաժարած է:

Անկէ ետք լրագրողը հարցուցած է այդ մարդոց, թէ ինչու համար իրենց մօտ անձեռոց կայ, եւ արդեօ՞ք իրեն դեղ պիտի տան, ինչին ի պատասխան, լսած է.

«Մենք Ձեզ պիտի քնացնենք»:

Անկէ ետք մարդասպանները խեղդած են լրագրողը եւ իրար հարցուցած՝ արդեօք ան դեռ կը շնչէ, թէ ոչ: