image

Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ համատեղ հերթապահութիւն պիտի իրականացնեն

Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ համատեղ հերթապահութիւն պիտի իրականացնեն

Թուրքիան եւ ԱՄՆ-ն 8 սեպտեմբերին պիտի սկսին համատեղ ցամաքային հերթապահութիւն իրականացնել Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին՝ Եփրատ գետի մօտակայքը նախատեսուած անվտանգութեան գօտիին մէջ: Այս մասին ТАСС գործակալութեան փոխանցմամբ յայտնած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուսուլի Աքարը:

Նախարարի խօսքով՝ օդային վերահսկողութիւնը նոյնպէս հնարաւորութիւն կու տայ հսկել Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը:

Հինգշաբթի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը կրկին յայտարարած է մինչեւ սեպտեմբերի աւարտը Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտիներ ստեղծելու մտադրութեան մասին:

31 Օգոստոսին Էրտողանը յայտարարած էր, որ երկրի Զինուժը քանի մը շաբաթէն կրնայ ինքնուրոյն անցնիլ անվտանգութեան գօտիներ սահմանելու մասին գործողութիւններու ծրագրի իրականացման: