image
Հրատապ լուրեր:

Անգարա իր մօտ կանչած է Լիբանանի դեսպան Ղասսան Մուալլէմը

Անգարա իր մօտ կանչած է Լիբանանի    դեսպան Ղասսան Մուալլէմը

  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը  իր մօտ կանչած է Անգարայի  մօտ Լիբանանի  դեսպան   Ղասսան  Մուալլէմը։

 

 Այս մասին տեղեկատւութիւնը  հաղորդեց     լիբանանեան «Էլ Նաշրա» կայքը նկատել  տալով, որ  Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութիւնը   «խստօրէն զայրացած է»   Լիբանանի  մէջ գրանցուած  զարգացումներէն եւ  յատկապէս  Պէյրութի  Ռապիյէ  շրջանին մէջ գտնուող    Թուրքիոյ դեսպանատան  դիմաց  պատահած    դէպքէն։

 

  Ինչպէս աւելի վաղ   «Արեւելք»    գրած   էր   խումբ մը լիբանանցի  երիտասարդներ   Թուրքիան  քննադատող  աֆիշ մը դրած էին      դեսպանատան  մուտքի   գլխաւոր դարպասին  վրայ, բան մը որ դուռ  բացած  էր յաւելեալ   լարումի։

 

 

  Լիբանանի    մէջ      Թուրքիոյ  դէմ     ընթացք  առած  բողոքի  ալիքը  կապ ունէր  երկրի  նախագահ զօր. Միշէլ Աունի կողմէ կատարուած    յայտարարութիւններուն հետ։

 Աուն   Օսմանցիներու  քաղաքականութիւնը  «պետական  ահաբեկչութիւն»  որակած էր։