Երէկ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ապահովական միջադէպը կը շարունակէ մնալ լուսարձակի տակ։ Ըստ լիբանանեան աղբիւրներու Պէյրութի «Տահիյէ» շրջանին մէջ ինկած անօդաչու սարքերը նպատակ ունէին ապահովական գործողութիւն մ՚իրականացնել։
Կը նշուի նաեւ, որ իսրայէլեան անօդաչու սարքերէն մին գերարդիական է եւ այն ունակ է ականներ լարելու եւ ահաբեկչկանա գործողութիւն իրականցնելու։
Ստորեւ կը ներկայացնենք իսրայէլեան անօդաչու սարքերուն լուսանկարները ( լուսանկարները երեւցած են «Ալ Ժումհուրիայա» պարբերականի կայքին վրայ։)