image

«Ոչ մէկ կաթիլ ջուր». Զարիֆ խստաոճ յայտարարութիւն ըրաւ

«Ոչ մէկ կաթիլ ջուր». Զարիֆ խստաոճ յայտարարութիւն ըրաւ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ճաուատ Զարիֆը Նորվեկիա կատարած այցի ժամանակ յայտարարած է, որ այնքան ատեն որ ինքը ողջ է, «ոչ ոքի թոյլ կու տայ իրանցիներու Կասպից ծովէն նոյնիսկ մէկ կաթիլ խլել»: Այս մասին յայտնած է Fars News-ը:

Զարիֆը նշած է, որ Իրանը պատերազմ եւ պատժամիջոցներ վերապրած երկիր է, որուն վերջին 40 տարուան ընթացքին չէ աջակցած ոչ մէկ օտարերկրեայ պետութիւն:

«Մենք 40 տարի շարունակ եղած ենք պատժամիջոցներու տակ, բայց ժողովուրդը դիմացած է դժուարութիւններուն: Այդ մասին կը վկայէ նախագահական ընտրութիւններուն մարդոց 73 տոկոս մասնակցութիւնը»,- ըսած է Զարիֆը:

Անոր խօսքով՝ իրանցիները հաստատակամօրէն կը պաշտպանեն իրենց անկախութիւնն ու ամբողջականութիւնը, այդ պատճառով ոչ ոք կը համարձակի յաւակնել իրանեան ցամաքային եւ ծովային տարածքին, այդ շարքին՝ Կասպից ծովի անոր օրինական հատուածին:

Իրանի ԱԳ նախարարը, խօսելով Իրանի քաղաքական անկախութեան մասին, ըսած է. «Մեր ժողովուրդը խնամակալի կարիք չունի, քանի որ կրթուած է եւ կրնայ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնել»: