image

Իսրայէլեան ուժեր կրակ բացած են քաղաքացիական օդանաւի մը ուղղութեամբ

Իսրայէլեան ուժեր կրակ բացած են քաղաքացիական օդանաւի մը ուղղութեամբ

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը սխալմամբ կրակ բացած է սեփական քաղաքացիական օդանաւի ուղղութեամբ: Այս մասին կը գրէ militaryTimes-ը, յղում ընելով  բանակի մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան:

Միջադէպը տեղի ունեցած է 21 օգոստոսն, Կոլանի բարձունքին: Զինուորները կարծելով, որ սաւառնող օդանաւը Սուրիոյ կողմէ եկած է եւ վտանգ կը ներկայացնէ, կրակ բացած են անոր ուղութեամբ, սակայն աւելի ուշ անդրադառնալով, որ այն իսրայէլեան քաղաքացիական օդանաւ է, դադրեցուցած են կրակոցները:

Հաղորդման մէջ չէ նշուած, թէ ինչ օդանաւի մասին է խօսքը, սակայն յայտնի է, որ կատարուածի հետեւանքով տուժողներ չկան: