image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ բանակը կարեւոր յառաջխաղացք կատարեց. «Խան Շայխուն»ը միացաւ ազատագրուած շրջաններուն

Սուրիոյ  բանակը   կարեւոր յառաջխաղացք կատարեց.  «Խան Շայխուն»ը միացաւ  ազատագրուած   շրջաններուն

 Իտլիպ    նահանգի   դուռ  համարուող «Խան Շէխուն»   գաւառակը   ամբողջութեամբ ազատագրուեցաւ եւ անցաւ    սուրիական բանակի     տիրապետութեան տակ։  Այս մասին լուրը հաղորդեց  «Ալ Մայատին» կայանը  նշելով,  որ            ահաբեկիչ զինեալներ  ստիպուած են խոյս  տալ  քաղաքէն եւ ուղղուիլ դէպի Մորկ  քաղաք, ուր տեղակայուած է  թրքական  բանակի   ապաովական  դիտարան մը։

   Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ  սուրիական  բանակը իր այս քայլով   կարողացած   կրակէ   պաշարման տակ  առնել  Լաթամնա  եւ  Մորկ շրջանները, որոնք ռազմավարական կարեւոր դիրք  կը համարուին։

  Ի դէպ, մինչ  Սուրիոյ բանակը   «Խան Շէյխուն»  մուտք կը  գործէր թէժ  քննարկումներ  կը  կատարուէին   Անքարա-Մոսկուա   գիծին վրայ, յատկապէս  որ երկու օր առաջ    դէպի «Խան  Շէխուն» ուղղուող  թրքական շարասիւն մը       հարուածուած ու ծանր    վնասներ  կրելով նահանջած  էր։

 Ամէն պարագայի  տակ   Սուրիոյ հարցերուն հետեւող խումբ մը  վերլուծաբաններ եկած են այն եզրակացութեան, որ սուրիական բանակի երթը   աննահանջ է, եւ  ամիսներէ ի վեր  Իտլիպի  ազատագրման մասին շրջան   ընող լուրերը  մտած են  գործնական փուլ։