image

Սուրիոյ բանակը .. Դէպի «Խան Շէյխուն»

Սուրիոյ  բանակը .. Դէպի   «Խան  Շէյխուն»

 Սուրիոյ  բանակը Սուրիոյ  բանակը կը շարունակէ  իր յառաջխաղացքը   նպատակ ունենալով  ազատագրել  Իտլիպ  նահանգը։

 

 Այս մասին  տեղեկութիւնը կը հաղորդեն  Սուրիոյ մասին լուրեր   հաղորդող   դիմատետրի  էջեր։

 Աղբիւրները նաեւ կը նշեն, որ  Իտլիպի  ծայրաշաս  համարուող «Ալ Հապիթ»  գաւառակի  ազատագրումէն ետք եւ  յետ  բաւականին    թէժ մարտերու բանակը  յաջողած է    ազատագրել    «Զէյթունա», «Խըրպա», «Մուրշէտ», «Մընզար» եւ  այլ    շրջաններ  այդէպէս  ձեւով մը հարթելով իր ճանապարհը  ահաբեկիչներու համար հիմնական կեդրոնատեղի  համարուող «Խան  Շէյխուն»ին։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ  սուրիական բանակի   յառաջխաղացումին  մեծապէս կը նպաստէ ռուսական  հրետանիի  աշխոյժ  մասնակցութիւնը։

 

  Կարգ մը պատերազմական աղբիւրներ կը հաւաստեն, որ «Խան  Շէյխուն»ի անկումէն  ետք ահաբեկիչ  զինեալներ  պիտի  յայտնուին բաւական  բարդ դրութեան մը, հետեւաբար   դիմեն    փախուստի։