image
Հրատապ լուրեր:

Քուէյթի մէջ ջերմաստիճանը հասած է 51-ի. Կան մահացողներ

Քուէյթի մէջ    ջերմաստիճանը հասած է 51-ի. Կան  մահացողներ

Քուէյթի  ներքին գործոց նախարարութեան   հաղորդմամբ,    երկրին մէջ ջերմութեան   աստիճանի    բարձրացման հետեւանքով այսօր      Քուէյթ  ապրող  եգիպտացի  քաղաքացի մը մահացած  գտնուած է։

Աղբիւրը նաեւ կը  նշէ, որ  անցնող  ժամերուն մայրաքաղաք  Քուէյթի  մէջ   գրանցուած է    51      սէլսիոս  աստիճան։

Կը նշուի նաեւ, որ  վերջին երկու  օրերուն        այս  մէկը մահացութեան երկրորդ դէպքն է, որ կը գրանցուի։

Քուէյթի  ԱԻՆ մարմինները, որ ընդհանուր իրավիճակին մասին  յատուկ   հաղորդագրութեամբ  հանդէս եկած են, քաղաքացիներէն  պահանջած են    յատկապէս առաւօտեան  ժամերուն    հեռու մնալ       շրջագայելէ։