image

Սուտանի մէջ յեղաշրջման նոր փուլ սկսած է

Սուտանի մէջ յեղաշրջման նոր փուլ սկսած է

Սոտանի մէջ ռազմական յեղափոխութեան նոր փորձ իրականացուած է, կը հաղորդէ Al Arabiya հեռուստաալիքը:

«Անցումային ռազմական խորհուրդի դէմ յեղաշրջման փորձ իրականացուած է, բանակի 68 սպայի դէմ հետաքննութիւն կը տարուի»,- ըսուած է հաղորդման մէջ:

Յիշեցնենք, որ 2011-ին Հարաւային Սուտանէն անջատուելէ եւ ամերիկեան պատժամիջոցներէն ետք տնտեսական ճգնաժամ սկսած էր: 2018-ի դեկտեմբերէն երկրին մէջ բողոքի ցոյցեր կ'ընթանային նախ հացի գինի իջեցման պահանջով, սակայն շուտով քաղաքացիներու բողոքը ուղղուած էր 30 տարիէ ի վեր երկիրը կառավարող Օմար ալ Պաշիրի քաղաքական վարչակարգի դէմ:

Ապրիլ 11-ին երկրին մէջ զինուորականներու կողմէ պետական յեղաշրջում տեղի ունեցած էր: Ալ Պաշիրը հեռացուած էր պաշտօնէն եւ բանտարկուած: Նոր կառավարութիւնը ղեկավարած էր անցումային ռազմական խորհուրդը, որ յառաջիկայ 2 տարիներու ընթացքին ընտրութիւններ իրականացնելու խոստում տուած էր, սակայն քաղաքացիները հիմա ալ անոնց դէմ կը բողոքեն՝ պահանջելով անմիջապէս քաղաքացիական կառավարութիւն ձեւաւորել: