image
Հրատապ լուրեր:

Թագաւոր Սալման կարեւոր ժողովի հրաւիրած է

Թագաւոր  Սալման   կարեւոր  ժողովի հրաւիրած է

 Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտըլ  Ազիզ  թագաւորը    յայտատարութեամբ մը հանդէս գալով  արաբական   ծոցի երկիրները   ժողովի հրաւիրած է։

 Լուրը տրուած է  սէուտական    լրատուական  աղբիւրներու կողմէ, որոնք     նաեւ  յայտնած են, որ   յառաջիկայ օրերուն  նախատեսուած ժողովը  կարեւոր ռազմավարական որոշումներ    պիտի ընդունի։

 Կը  նշուի  նաեւ, որ ժողովին   գլխաւոր  օրակարգը  յատկացուած  պիտի ըլլայ   արաբական ծոցի ջուրերուն մէջ   խարիսխ  նետած   նաւթատար   նաւերուն վրայ   եղած  գրոհները։ Յիշեցնենք, որ անցեալ   շաբաթ     թէ  ԱՄԷ-ի եւ թէ  ալ Սէուտական Արաբիոյ  ջուրերուն մէջ  գտնուող   նաւթատար նաւեր յարձակման  ենթարկուեցան եւ մինչեւ այս պահը  այդ գրոհներուն   պատասխանատուութիւն ստանձնող չեղաւ։