image

Չաւուշօղլու հաւաստիացումներ կատարած է ռուսական Ս-400-ի մասին

Չաւուշօղլու հաւաստիացումներ կատարած  է ռուսական Ս-400-ի մասին

Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Ռուսաստանէն ձեռք բերուող Ս-400 զէնիթահրթիռային համալիրները պիտի ըլլան Անգարայի լիակատար հսկողութեան ներքոյ: Ան այս մասին ըսած է Լաթվիա այցի ժամանակ, կը յայտնէ Hurriyet պարբերականը:

«Տարածուած կարծիքի համաձայն՝ Ս-400-ները սպառնալիք կը ներկայացնեն F-35 կործանիչներուն: Այս համակարգերը ամբողջութեամբ պիտի ըլլան մեր վերահսկողութեան ներքոյ, անոնք մաս պիտի չկազմեն ՆԱԹՕ-ի համակարգին: Անոնք պիտի ըլլան մեր լիակատար հսկողութեան ներքոյ»,- ընդգծած է Չաւուշօղլուն:

Թրքական դիւանագիտութեան ղեկավարը յիշեցուցած է, որ Անգարան Ուաշինկթընին դիմած է «համատեղ աշխատանքային խումբ ստեղծելու առաջարկով»՝ լուծելու համար ռուսական Ս-400 ԶՀՀ-ներու մատակարարման հետ կապուած տարաձայնութիւնները:

Միաժամանակ, հինգշաբթի օր խումբ մը ամերիկացի քոնկրէսականներ, որոնք կը ներկայացնեն ինչպէս դեմոկրատները, այնպէս ալ հանրապետականնեը, ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի մի քանի կոմիտէներու քննարկման ներկայացուցած են՝ «Պատժամիջոցներու միջոցով Ամերիկայի հակառակորդներուն հակազդելու մասին» օրէնքի (CAATSA) շրջանակէն ներս Թուրքիոյ դէմ «պատժամիջոցներու ամբողջական կիրառման» մասին բանաձեւ, ինչպէս նաեւ 5-րդ սերունդի F-35 կործանիչ-ռմբակոծիչներու ստեղծման ծրագրէն Թուրքիոյ բացառման մասին, եթէ Անգարան Ռուսաստանէն Ս-400 ձեռք բերէ: Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Սենատի բանաձեւերը, որոնք Քոնկրէսի իւրաքանչիւր պալատի կողմէ առանձին կ'ընդունուին, իրաւաբանական ուժ չունին եւ խորհրդատուական բնոյթ կը կրեն: Օրէնսդիրները այսպէս կ'արտայայտեն այս կամ այն հարցի վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումը, իսկ իշխանութեան գործադիր թեւը իրաւունք ունի նման կարգի փաստաթուղթերը անտեսելու:

ԱՄՆ-ն աշխոյժ փորձեր կը ձեռնարկէ թոյլ չտալու Թուրքիոյ կողմէ Ս-400-ի գնումը: Ուաշինկթընը աւելի վաղ Անգարային արդէն զգուշացուցած էր, որ այդ համակարգերու ձեռքբերման պարագային ԱՄՆ-ն կրնայ մերժել Թուրքիոյ վաճառել F-35-ներ: