Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Անգարան մտադիր չէ յետաձգել ռուսական C-400 զէնիթահրթիռային համակարգերու մատակարարումը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:
«Յետաձգման կամ չեղարկման մասին խօսք չկայ: Գնման մասին համաձայնագիրը արդէն աւարտած գործ է, ինչո՞ւ պէտք է քննարկենք մատակարարման յետաձգման հարցը»,- ըսած է Չաւուշօղլուն Haberturk հեռուստաալիքի եթերին:
3 Մայիսին Bloomberg գործակալութիւնը յայտնած էր, որ Թուրքիան կ'ուսումնասիրէ այդ համակարգերու գնումը յետաձգելու՝ ԱՄՆ-ի հերթական կոչը: Իր հերթին, ՌԴ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը յայտարարած էր, որ համաձայնագրի իրականացման յետաձգման մասին խօսք չկայ:
C-400-ներու մատակարարման շուրջ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պայմանագրի կնքման փաստը հաստատուած էր 2017 թուականին:
Թրքական կողմը՝ ի տարբերութիւն առաջին արտասահմանեան պատուիրատուի՝ Չինաստանի, պէտք է ստանայ ոչ թէ 2, այլ մէկ նման համակարգ: ԱՄՆ-ն աշխոյժ փորձեր կը ձեռնարկէ՝ խափանելու գործարքը:
C-400 «Թրիումֆ»-ը ռուսական մեծ եւ միջին հեռահարութեան զէնիթահրթիռային համակարգ է: