Իրանի գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամէնիյին յայտարարած է, որ Իրանը չի ձգտիր ԱՄՆ-ի հետ ռազմական առճակատման։ Այս մասին կը փոխանցէ «Fars» գործակալութիւնը:
«Պատերազմ պիտի չըլլայ, իրանցի ժողովուրդը ընտրած է Ամերիկային դիմակայելու ուղին, եւ այդ դիմակայութիւնը պիտի ստիպէ անոր նահանջել»,- ընդգծած է Խամէնիյին։
Ան նաեւ նշած է, որ դիմակայութիւնը չի կրեր ռազմական բնոյթ, եւ զինուած բախում չի ցանկար կողմերէն ոչ մէկը։
«Այս Իրանի եւ ԱՄՆ-ի կամքերու բախում է, եւ մեր կամքը աւելի ուժեղ է, որովհետեւ ի յաւելում կամքին՝ մենք կը հաւատանք Աստծուն»,- նշած է այաթոլլան։
Իրանի գերագոյն առաջնորդը վստահեցուցած է, որ իրանական միջուկային եւ հրթիռային ծրագրերու վերաբերեալ ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններ պիտի չըլլան։
Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը յայտարարած էր, որ Իրանը լրջօրէն պիտի տուժէ, եթէ ԱՄՆ-ի դէմ քայլեր ձեռնարկէ։