image
Հրատապ լուրեր:

Իրան «կը խոստանայ» հարուածել ԱՄՆ-ը «իր գլխէն»

Իրան  «կը խոստանայ»  հարուածել ԱՄՆ-ը «իր գլխէն»

Իրանը ԱՄՆ-ին սպառնացած է «գլխէն հարուած հասցընել», եթէ Ուաշինկթընը յստակ ուժային գործողութիւններ ձեռնարկէ: Այս մասին յայտարարած է Իրանի «Իսլամական յեղափոխութեան պահակախումբ»ի գօրավար Ամիր Ալի Հաճիզատէն:

«Եթէ ամերիկացիները ընեն իրենց քայլը, մենք գլխէն կը հարուածենք անոնց», - ըսած է հրամանատարը: Ան նշած է, որ ամերիկեան ռազմական ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ լուրջ սպառնալիք կը ներկայացնէր, սակայն հիմա, ըստ Հաճիզատէի, «սպառնալիքը վերածուած է հնարաւորութեան»:

ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընը յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգները Իրանի ափերու մօտ կ'ուղարկէ «Աբրահամ Լինքոլն» հարուածային օդանաւակիր նաւերու եւ ռմբակոծիչներու խումբը: