Փարիզի մէջ ընթացած է «դեղին բաճկոններ» շարժման մասնակիցներու հերթական երթն ու բողոքի ցոյցը:
Ցոյցի մասնակիցները կատարած են Ֆրանսայի ազգային օրհներգը», ինչպէս նաեւ իրենց հետ ունեցած են հանրապետութեան եւ շարք մը շրջաններու դրօշներ:
Համազգային ցոյցերու 26-րդ շաբաթուան մասնակիցները, որոնց թիւը մայրաքաղաքին չէ գերազանցած 300-400-ը, մօտ 9 քմ երկարութեամբ տարածութիւն անցած են: Սա աւելի քիչ է, քան նախորդ շաբաթներու ցոյցերու ժամանակ:
Ինչպէս կը նշուի, այս անգամ ցուցարարներու բողոքի առիթը ոչ թէ ընկերային պահանջներն են, այլ իշխանութիւններու կողմէ իրականացուող կրթական բարեփոխումներու դէմ պայքարը:
Ցուցարարներուն արգիլուած է յայտնուիլ Էլիզէի դաշտերուն եւ յարակից փողոցներուն մէջ: Անոնց առաջ փակ եղած են նաեւ Ազգային ժողովի եւ Աստուածամօր տաճարի շրջակայ գօտիները:
Ցոյցեր եղած են նեաւ Սթրասպուրկի, Պորտոյի, Թուլուզի, Լիոնի եւ Օրեանի մէջ: Երկրով մէկ կարգուկանոնին հետեւած են ոստիկանութեան աշխատակիցները: