image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսայի մէջ բողոքի նոր ալի՞ք

Ֆրանսայի մէջ բողոքի նոր ալի՞ք

Պետական հատուածի մօտ 110 հազար աշխատակից մասնակցած է Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն, անոնցմէ 18 հազարը՝ Փարիզի մէջ, կը հաղորդէ France Info-ն՝ վկայակոչելով երկրի ներքին գործոց նախարարութեան:

Աղբիւրի փոխանցմամբ՝ ցոյցի մասնակիցները դէմ են պետական ծառայութեան մասին փոփոխուած օրինագիծին, որ կ'ենթադրէ պետական ծառայողներու կարգավիճակի փոփոխութիւն: Ֆրանսայի խորհրդարանը օրինագիծը պէտք է քննարկէ երկուշաբթի՝ 13 մայիսին:

Կը նշուի, որ ըստ Ֆրանսայի իշխանութիւններու՝ օրինագիծի նպատակը պետական ծառայութիւնը «առաւել գրաւիչ» դարձնելն է, ինչը կը համապատասխանէ ֆրանսացիներու ակնկալիքներուն:

Սակայն, ըստ աղբիւրի, այս նախագիծը կը համապատասխանէ ֆրանսական իշխանութիւններու՝ 2022 թուականի 120 հազար պետական ծառայողի կրճատման մասին յայտարարութեան: Արհմիութիւնները դէմ են առաջարկուած օրինագիծին, նշելով, որ այս բարեփոխումը պիտի նպաստէ պետական ծառայութեան որակի վատթարացման: