image

Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը բողոքարկած է նախագահական ընտրութեանց արդիւնքները

Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը բողոքարկած է նախագահական ընտրութեանց արդիւնքները

Թուրքիոյ հիմնական ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութիւնը բողոք ներկայացուցած է ԿԸՅ 2018 թուականի 24 յունիսի ընտրութիւններու արդիւնքներու չեղարկման համար, որուն յաղթած է երկրի գործող նախագահ Էրտողանը: Այս մասին ըսած է կուսակցութեան ղեկավարի տեղակալ Մուհարէմ Էրքէքը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթին»:

Երկուշաբթի Թուրքիոյ ԿԸՅ-ն որոշում ընդունած էր չեղարկել Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութիւններու արդիւնքները, որուն յաղթած է Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Էքրէմ Իմամօղլուն, նոր ընտրութիւնները նշանակուած են 23 յունիսին: