image

Օդանաւային արկած Ֆլորիտայի մէջ

Օդանաւային արկած Ֆլորիտայի մէջ

Boeing 737 ուղեւորատար օդանաւը ԱՄՆ Ֆլորիտա նահանգի Ճեքսընուիլ քաղաքի մօտակայքը ինկած է գետը, կը յայտնէ Korrespondent-ը:

Ինչպէս կը նշուի, օդանաւին մէջ 135 ուղեւոր եղած է եւ անձնակազմի 7 անդամ։ Օդանաւը գետը ինկած է Ճեքսընուիլի օդակայանէն օդ բարձրանալէն անմիջապէս ետք։

Նախնական տեղեկութիւններով՝ զոհեր չկան, 21 ուղեւոր վնասուածքներով հիւանդանոց տեղափոխուած են։

CBS-ի տուեալներով՝ օդանաւը կը պատկանի Miami Air ընկերութեան, որ չարթըրային թռիչքներ կ'իրականացնէ։

Դէպքի վայրին մէջ փրկարարներ կ'աշխատին։