image
Հրատապ լուրեր:

Ռազմավարական նշանակութեան նաւահանգիստ. Սուրիացի պատասխանատուն խօսած է Թարթուսի նաւահանգիստի նոր համաձայնութեան մասին

Ռազմավարական նշանակութեան նաւահանգիստ. Սուրիացի պատասխանատուն խօսած է Թարթուսի նաւահանգիստի նոր համաձայնութեան մասին

Սուրիոյ փոխադրութեան նախարար Ալի Համմուտ կարեւոր յայտարարութիւններ կատարած է Թարթուսի նաւահանգիստի վերաբերեալ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը:

Աղբիւրը, որ իր տեղեկութիւնները տուած է յղում ընելով  սուրիական աղբիւրներու, նշած է, որ վերջերս կնքուած Մոսկուա-Դամասկոս համաձայնութեան շնորհիւ Սուրիոյ Թարթուս քաղաքի նաւահանգիստը ռազմավարական կարեւոր արժէք պիտի ունենայ:

Համմուտ նաեւ նշած է, որ մինչ նախապատերազմեան շրջանին այդ նաւահանգիստը Սուրիոյ կ'ապահովէր շուրջ 24 միլիոն տոլարի տարեկան մուտք մը, այս համաձայնութեան շնորհիւ այդ մուտքը պիտի դառնայ 84 միլիոն ԱՄՆ տոլար՝ տարեկան կտրուածքով:

Կը նշուի նաեւ, որ ռուս-սուրիական այս համաձայնութիւնը 49 տարուան կեանք պիտի ունենայ:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ պատերազմէն ետք, տարբեր իմաստներով, Թարթուսը  դարձաւ ռուսական ուժերու ներկայութեան կարեւոր եւ ռազմավարական կեդրոնատեղի մը: