image
Հրատապ լուրեր:

Ճափոնի կայսր Աքիհիթօ պիտի հեռանայ

Ճափոնի  կայսր  Աքիհիթօ պիտի հեռանայ

Ճափոնի կայսր Աքիհիթօն այսօր կամաւոր պիտի հեռանայ գահէն՝ այն փոխանցելով իր աւագ որդիին` 59-ամեայ թագաժառանգ Նարուհիթոյին: Այդ առիթով Թոքիոյի կեդրոնին մէջ գտնուող միապետի պալատին մէջ տեղի պիտի ունենան իրենց բնոյթով եզակի կրօնական եւ քաղաքացիական արարողութիւններ:

ТАСС-ի հաղորդմամբ՝ օրուայ առաջին կէսին 85-ամեայ Աքիհիթօն վաղ միջնադարեան ոճի ծիսական զգեստով պիտի այցելէ տաճար, որ կը գտնուի պալատական համալիրի տարածքին մէջ եւ նուիրուած է Ճափոնի նախկին 124 կայսրերուն: Այնտեղ ան  Արեւի բարձր աստուածուհի Ամաթերասին պիտի յայտնէ գահը թողելու մասին: Այդ ծիսակարգը փակ պիտի ըլլայ հանրութեան համար:

Այնուհետեւ, կէսօրին պալատի դահլիճին մէջ գահէն հեռանալու կապակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական քաղաքացիական արարողութիւն, որուն պիտի կմասնակցի մօտ 300 մարդ՝ կայսրի ընտանիքի անդամներ, կառավարութեան անդամներ, խորհրդարաններու երկու պալատներու ներկայացուցիչներ, Գերագոյն դատարանի դատաւորներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Ճափոնի քաղաքացիներու անունով ելոյթ պիտի ունենայ վարչապետ Սինտզօ Ապէն, որմէ ետք իր հրաժեշտի խօսքը հանրութեան պիտի ուղղէ կայսր Աքիհիթօն: Նարուհիթօն գահին պիտի նստի 1 մայիսին: