image

Թրիփոլիի մարտերը կը շարունակուին. Զոհերու թիւը անցած է 200-ը

Թրիփոլիի մարտերը կը շարունակուին. Զոհերու թիւը անցած է 200-ը

Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի շուրջ թէժ մարտերը կը շարունակուին: Երկրի արեւելեան հատուածին մէջ հաստատուած կառավարութեան գլխաւոր զինուորական հրամանատար Խալիֆա Հաֆթարի ուժերը կը շարունակեն իրենց արշաւը դէպի մայրաքաղաք Թրիփոլի:

Այդ ընթացքին մեծ թիւով զոհեր կ'իյնան, որոնց մէջ կան նաեւ անզէն բնակչութեան ներկայացուցիչներ:

Ըստ «Ռոյթըրզ»ի, անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին տեղի ունեցող մարտերու ժամանակ զոհերու թիւը անցած է 200-ը: