image

Արդեօ՞ք Իրան կը փորձէ նոր էջ մը բանալ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ

Արդեօ՞ք Իրան կը փորձէ նոր էջ մը բանալ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ

Թրքական մէկէ աւելի աղբիւրներ տեղեկութիւններ կը տարածեն այն մասին, որ Իրան մտադիր է կարեւոր ճիգեր գործադրել՝ բնականոն դարձնելու համար Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու ընդհանուր վիճակը:

Թրքական աղբիւրներ նաեւ կը նշեն, որ այս լուրերը կը տարածուին այն պահուն, երբ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ճաուատ Զարիֆ, որ Դամասկոս կը գտնուէր, երէկ այցելութիւն տուած է Անգարա եւ հանդիպած՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ:

Նոյն առումով, Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն յայտարարութիւններ կատարած է «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան, նշելով, որ բոլոր այն լուրերը, որոնք կը տարածուին Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու վերաբնականոնեցման վերաբերեալ անհիմն են եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ոչ մէկ կապ կամ յարաբերութիւն ունին Դամասկոսի հետ: