image

Սուրիոյ Պահուզ շրջանին մէջ խաղաղ բնակիչներ զոհուած են

Սուրիոյ Պահուզ շրջանին մէջ խաղաղ բնակիչներ զոհուած են

Ամերիկայի գլխաւորած միջազգային դաշինքի Տէր Զօրի Պահուզ շրջանին վրայ կատարած օդային յարձակումին հետեւանքով տասնեակ խաղաղ բնակիչներ զոհուած են: Այս մասին կը հաղորդէ Սուրական պետական հեռուստատեսութիւնը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ զոհերու շարքին կան երեխաներ:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ-ի կողմէ աջակցութիւն ստացող «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր» քիւրտ-արաբական զօրամիաւորումը 10 մարտին յայտնած էր Պահուզ շրջանին մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու դէմ ռազմարշաւի վերսկսման մասին: