image

Մինչ բախումները կը շարունակուին «Տահէշ»ի 2000 ահաբեկիչ անձնատուր կ'ըլլան քրտական ջոկատներուն

Մինչ բախումները կը շարունակուին «Տահէշ»ի 2000 ահաբեկիչ անձնատուր կ'ըլլան քրտական ջոկատներուն

Մինչ Սուրիոյ Ալ-Պահուզ շրջանին մօտ սաստիկ բախումներ կ'ընթանան, երէկ հաղորդուեցաւ, որ մեծ թիւով «Տահէշ»ի ահաբեկիչներ աձնատուր եղած են եւ յանձնուած են քրտական ջոկատներուն:

Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնեց «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը, նշելով, որ քիւրտ դեմոկրատական ուժերուն յանձնուող ահաբեկիչներուն թիւը կը գերազանցէ 2000-ը:

Յիշեցնենք, որ տարբեր լրատուական աղբիւրները կը նշեն, որ Պահուզը այսօր կը համարուի «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման վերջին թաքստոցներէն մին: