image

Արիւնը ջուր չի դառնար. յայտարարեց Ֆուատ Սինիորա

Արիւնը ջուր չի դառնար. յայտարարեց Ֆուատ Սինիորա

Երէկ երեկոյեան կարեւոր քայլ մը արձանագրուեցաւ լիբանանեան քաղաքական թատերաբեմին վրայ, երբ երկրի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յաջողեցաւ ի մի բերել վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ անոր դէմ ընդդիմադիր կեցուածքներով հանդէս եկող երկրի նախկին արդարադատութեան նախարար զօրավար Աշրաֆ Ռիֆին:

Նշենք, որ այս հաշտութիւնը տեղի կ'ունենայ այն պահուն, երբ Թրիփոլի քաղաքը կը պատրաստուի մասնակի ընտրութիւններու, որուն կը սպասուէր, որ Աշրաֆ Ռիֆի դնէր իր թեկնածութիւնը:

Ֆուատ Սինիորա խօսելով հանդիպման մասին, ըսաաւ, որ «քաղաքական բոլոր խնդիրները լուծելի են եւ արիւնը ջուր չի դառնար»:

Նշենք, որ Աշրաֆ Ռիֆի երկար ժամանակ կը համարուէր Լիբանանի նախկին նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կարեւորագոյն գործակիցներէն մէկը: