image

Հարիրի կը բանայ փակագիծերը. «Խաղին տէրը ես եմ»

Հարիրի կը բանայ փակագիծերը. «Խաղին տէրը ես եմ»

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր կը մեկնի Պրիւքսէլ, մասնակցելու համար սուրիացի փախստականներու խնդիրներուն նուիրուած միջազգային համաժողովի մը:

Նշենք, որ Հարիրիի գլխաւորած պատուիրակութեան մէջ կը բացակայի իր կառավարութեան փախստականներու հարցերով նախարար Սալէհ Ղարիպը, որուն պատճառով ալ երկրին մէջ քաղաքական տագնապի նախանշոյլներ կ'երեւին:

Ըստ շարք մը վերլուծաբաններու, Հարիրիի այս քայլը ցոյց կու տայ, որ ան ամէն գնով կը փորձէ իր ընդդիմադիրներուն ըսել, որ ինքն է իրական տէրը խաղին եւ Սուրիոյ նկատմամբ իր ժխտական կեցուածքը եւ Դամասկոսի հետ ոչ մէկ կերպ յարաբերութիւններ սկսելու համաարաբական որոշումին կառչումը կը մնան այլընտրանք չունեցող որոշումներ:

Տարբեր աղբիւրներ նաեւ կը նշեն, որ այս քայլէն ետք կարեւոր քննարկումներ պիտի կատարուին 8 Մարտ քաղաքական ուժերու թեւին մօտ, որոնք աւելի ուշ պիտի արձագանգեն իրենց համար Հարիրիի այս անընդունելի քայլին: