image
Հրատապ լուրեր:

Աշրաֆ Ռիֆի բուռն քննադատութիւններ ուղղեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին

Աշրաֆ Ռիֆի բուռն քննադատութիւններ ուղղեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին

Լիբանանի նախկին ներքին գործոց եւ ապա արդարադատութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի ծանր մեղադրանքներ ուղղեց Սաատ Հարիրիին: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Շարք Ալ-Աուսաթ» պարբերականը, նշելով, որ Ռիֆի դատապարտեց վարչապետը եւ նկատել տուաւ, որ ան կը գործակցի «Հըզպալլա»ի հետ:

Ռիֆի նաեւ յայտնեց, որ Հարիրի ամէն շրջանի ժողովի կը նստի «Հըզպալլա»ի ներկայացուցիչներուն հտտ եւ ան վարչապետ դարձած է շնորհիւ «Հըզպալլա»ի նեցուկին:

Յիշեցնենք, որ  այս յայտարարութիւնները տեղի կ'ունենան այն պահուն, երբ Թրիփոլի քաղաքը, որմէ կը սերի զօրավար Ռիֆին, կը պատրստուի մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններոուն:

«Շարք Ալ-Աուսաթ» թերթը նաեւ կը նշէ, որ շատ հաւանական է, որ Աշրաֆ Ռիֆի ներկայացնէ իր թեկնածութիւնը, այդպիսով դառնալով Հարիրիի պլոքին կողմէ ներկայանալիք թեկնածու  Տիմա Ժամալիի գլխաւոր մրցակիցը:

Յիշեցնենք, որ «Ալ-Մուսթաքպալ» պլոքի անդամ եւ Թրիփոլիէն ընտրուած Տիմա Ժամալիի երեսփոխանութիւնը անվաւեր համարուած էր,Լիբանանի ընտրական յանձնաժողովին անոր երեսփոխանութիւնը չեղեալ համարելու վերաբերեալ ներկայացուած յայտէն ետք: