image

Հարիրի կը պատժէ՞ նախարար Սալէհ Ղարիպը

Հարիրի կը պատժէ՞ նախարար Սալէհ Ղարիպը

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի կը պատրաստուի վաղը մեկնիլ Պրիւքսէլ, ուր ներկայ պիտի ըլլայ Սուրիոյ գաղթականներուն նուիրուած միջազգային համաժողովին: Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնեց VDL կայանը:

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ 8 Մարտ քաղաքական ուժերու կարգ մը աղբիւրերու կարծիքով  Հարիրիի Լիբանանի գաղթականներու հարցերով նախարար Սալէհ Ղարիպը իր հետ չտանելու քայլը կը համարուի անոր դէմ ուղղուած «քաղաքական պատիժ» մը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Հարիրի վրդոված է, որ Ղարիպ անցեալ շրջանին այցելեց Դամասկոս, առանց խորհրդակցելու իր հետ:

Նշենք, որ Հարիրի այս ժողովին կը մասնակցի իր հետ ունենալով կրթութեան նախարար Աքրամ Շհայէպն ու ընկերային հարցերու հայազգի նախարար Ռիչարտ Գույումճեանը: