image

Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները դէպի յաւելեալ սրացում. Պատճառը Ռուսական S-400 -ն է

Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները դէպի յաւելեալ սրացում. Պատճառը Ռուսական S-400 -ն է

Ամերիկացի մէկէ աւելի պատասխնատուներ երէկ թունդ արտյայտութիւններ կատարած են Թուրքիոյ հասցէին, նշելով, որ ժամանակը հասած է, որ Անգարա պաշտօնապէս կատարէ իր ընտրանքը՝ ռուսական եւ ամերիկեան զէնքին միջեւ:

Պատասխանատուները նաեւ նշած են, որ այս ժամանակաշրջանը կը համարուի ջրբաժանի ժամանակաշրջան մը Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ամերիկացի պատասխանատուներ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած էին Անգարայի վարմունքէն, կապուած Ռուսաստանէն S-400 տիպի արդիական հրթիռային համակարգ գնելու վերաբերեալ:

Նոյն պատասխանատուները նաեւ նշած էին, որ ժամանակը հասած է, որ Թուրքիա իր ընտրանքը կատարէ ռուսական S-400-ի եւ ամերիկեան F-35 կործանիչներուն միջեւ: