image
Հրատապ լուրեր:

Աւելի լաւ կ'ըլլար որ կաշառքի դէմ բացուած պայքարը այս ձեւով չընթանար. Երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ

Աւելի լաւ կ'ըլլար որ կաշառքի դէմ բացուած պայքարը այս ձեւով չընթանար. Երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ

Լիբանանի գործարարական շրջանակներուն մէջ յայտնի անուն հանդիսացող երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ երէկ պակերասփռուած հաղորդման մը ընթացքին ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարեց վերջին օրերուն երկրի մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ:

Նաամաթ Աֆրամ ըսաւ, որ «Ճիշդ է, բոլոր լիբանանցիները պէտք է պայքարին կաշառակերութեան դէմ, սակայն վերջին օրերուն արձանագրուող զարգացումները եւ կաշառակերութեան դէմ ընթացք առած այս պայքարը աւելի լաւ կ'ըլլար եթէ այս ոճով չընթանար»:

Յիշեցնենք, որ Նաամաթ Աֆրամ կը խօսէր յատկապէս «Հըզպալլա»ի կողմէ ընթացք առած պայքարի մասին, որուն գլխաւոր թիրախն է Լիբանանի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան: