image
Հրատապ լուրեր:

«Հըզպալլա»-Սինիորա պայքարը կը շարունակուի. «Ալ-Մուսթաքպալ» կը հակադարձէ

«Հըզպալլա»-Սինիորա պայքարը կը շարունակուի. «Ալ-Մուսթաքպալ» կը հակադարձէ

Անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ ծայր առած խորհրդարանական, ինչպէս նաեւ քաղաքական պայքարը կը շրունակուի մէկ կողմէ «Հըզպալլա» կազմակերպութեան եւ միւս կողմէ Լիբանանի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ:

Յիշեցնենք, որ «Հըզպալլա» շաբաթ մը առաջ ծանր մեղադրանքներ հնչեցուցած էր Սինիորայի հասցէին, որմէ ետք վարչապետը տուած էր մամլոյ ասուլիս մը, նշելով, որ բոլոր այն տեղեկութիւնները, որոնք նշուած են «Հըզպալլա»ի կողմէ չեն համապատասխաներ իրականութեան:

Քաղաքական գետնի վրայ, «Ալ-Մուսթաքպալ» հոսանքը, որուն մէկ անդամն է Ֆուատ Սինիորան, անցնող ժամերուն ծանրաոճ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, նշելով, որ Ֆուատ Սինիորա իրենց կուսակցութեան կարեւոր անդամներէն մէկն է եւ կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ պաշտպանել զինք:

Յայտնենք, որ Սինիորայի դէմ հնչած մեղադրանքները յատկապէս կապ ունին 11 միլիառ տոլար գումարի մը հետ, որ անհետացած էր այն տարիներուն, երբ Սինիորա կը ղեկավարէր երկիրը: