image
Հրատապ լուրեր:

LBC կայանի դատավարութեան առաջին վճիռը ի նպաստ Փիէռ Տահէրին

LBC  կայանի դատավարութեան առաջին վճիռը ի նպաստ Փիէռ Տահէրին

LBC  հեռատեսիլի կայանի դատական գործին առաջին փուլը աւարտած է ի նպաստ LBC -ի տնօրէն Փիէռ Տահէրին: Այս մասին տեղեկութիւնը կը յայտնէ «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ դատաւոր Ֆաթիմա Ժիւնիէ երէկ տեղի ունեցած նիստի աւարտին յայտարարած է, որ կայանը օրինական ձեւով կը պատկանի կայանի երկար տարիներու տնօրէն Փիէռ Տահէրին:

Յիշեցնենք, որ դատական այս գործը ընթացք առած էր, երբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը նախագահութեամբ Սամի Ժաաժաի դատ բացած էր, պահանջելով Փիէռ Տահէրէն կայանը եւ կայանի բոլոր իրաւասութիւնները վերադարձնել այդ կուսակցութեան: