image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստանի նախագահը Իսրայէ՞լ պիտի այցելէ

Ռուսաստանի նախագահը Իսրայէ՞լ պիտի այցելէ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ շրջանին կրնայ Իսրայէլ այցելել: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց իսրայէլեան «Հաարէթզ» պարբերականը:

Աղբիւրը նշեց նաեւ, որ Փութինի այցի մասին տեղեկութիւններ հրապարակուած է նաեւ ռուսական լրատուական շրջանակներու կողմէ:

Յիշեցնենք, որ երէկ Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին ընդունած էր Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն եւ երկուստեք քննարկած էին շրջանի վերջին իրադարձութիւնները: