image

Իրանի նախագահը մերժած է Մուհամմատ Ժաուատ Զարիֆի հրաժարականը

Իրանի նախագահը մերժած է Մուհամմատ Ժաուատ Զարիֆի հրաժարականը

Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանի յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, մերժած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ժաուատ Զարիֆի հրաժարականը:

Ռոհանի, որ այս առաւօտ այս մասին յատուկ յայտարարութիւն մը կատարած է, նաեւ նշած է, որ Ժաուատ Զարիֆը կը համարուի Իրանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր խորհրդանիշներէն մին եւ իր՝ Զարիֆի հրաժարականին տակ ստորագրութիւնը պիտի համարուի հարուած Իրանի պետութեան:

Յիշեցնենք, որ Ժաուատ Զարիֆ մէկ օր առաջ յայտարարութիւն մը կատարելով, ներողութիւն հայցած էր Իրանի ժողովուրդէն, ըսելով, որ ինք այլեւս պիտանի չէ այդ խիստ պատասխանատու պաշտօնը զբաղեցնելուն: