image

Պատրիարք Ռաաի կը զօրակցի նախագահ Աունին

Պատրիարք Ռաաի կը զօրակցի նախագահ Աունին

Լիբանանի մարոնիներու պատրիարք Մար Պշարա Պըթրոս Ռաաի իր զօրակցութիւնը յայտնեց նախագահ Աունին: Այս մասին լուրը հաղորդեց լիբանանեան VDL կայանը, նշելով, որ Ռաաի պատրիարք դրուատիքով խօսած է նախագահ Աունի կեցուածքներուն մասին եւ նշած, որ բոլորին համար պարզ է, որ այսօր Լիբանանի գլխաւոր հարցը սուրիացի գաղթականներու խնդիրն է:

Ռաաի նաեւ ըսած է, որ նախագահ Աուն երկիրը պահպանող եւ առաջնորդող ղեկավարն է եւ պէտք է ամէն գնով բոլորը զօրակցութիւն յայտնեն անոր: