image

BBC-ին վերապահ է իր աշխատակիցին յայտնած տեսակէտներուն վերաբերեալ

BBC-ին վերապահ է իր աշխատակիցին յայտնած տեսակէտներուն վերաբերեալ

BBC կայանի տնօրինութիւնը երէկ իր աշխատակից Ռիամ Տալաթիի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններէն ետք հանդէս եկաւ յատուկ յայտարարութեամբ մը, նշելով, որ Ռիամ Տալաթիի կողմէ հնչած տեսակէտները չեն ներկայացներ կայանի պաշտօնական տեսակէտը:

Յիշեցնենք, որ Ռիամ Տալաթի աւելի վաղ կարեւոր յայտարարութիւններ կատարած էր այն մասին, թէ Տումայի մէջ տեղի ունեցած յարձակումը քիմիական չէր եւ այդ խնդրի վերաբերեալ տարածուած տեսանիւթերը սուտ եւ իրականութեան չհամապատասխանող տեսանիւթեր էին:

Յիշեցնենք, որ Տումայի դէպքերու ատեն միջազգային հանրութիւնը բուռն մեղադրանքնր եւ ծանր քննադատութիւններ յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ անոր իշխանութիւններու հասցէին, յայտարարելով, որ Պաշշար Ասատ պէտք է պատժուի եւ հեռացուի իշխանութենէն: