image

Խաշըքճի ողջ է. Սէուտցի մտաւորականին «թուիթ»ը տագնապ ստեղծած է արաբական շրջանակներուն մէջ

Խաշըքճի ողջ է. Սէուտցի մտաւորականին «թուիթ»ը տագնապ ստեղծած է արաբական շրջանակներուն մէջ

Սէուտցի մտաւորական եւ ակադեմական գործիչ Սալէհ Ալ-Սահտուն «թուիթըր»եան գրառում մը կատարած է սէուտցի այլախոհ լրագրող Ժամալ Խաշըքճիի մասին: Այս մասին լուրերը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Սալէհ ԱԼ-Սահտուն մասնաւորապէս գրած է, որ «սէուտցի դաւաճան լրագրողը մահացած չէ, ան ողջ է»:

Յիշեցնենք, որ անցեալ 2 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ գտնուող սէուտցի լրագրողը, որ մուտք գործած էր իր երկրի հիւպատոսարան, հոնկէ դուրս չէ եկած եւ տարբեր աղբիւրներ յայտնած էին, որ ան ողբերգական պայմաններու մէջ սպաննուած է ու ապա անոր մարմինը փոխադրուած է հիւպատոսարանէն դուրս: